2013-11-16 09:50:56

''Եպիսկոպոսը ընտրուած է ծառայելու եւ ոչ թէ իշխելու համար''` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը գերապայծառ Վէրկէզ Ալծակայի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին։


Եպիսկոպոսութիւնը ծառայութիւն մըն է եւ ոչ թէ պատիւ` եպիսկոպոսին գործն է ծառայել եւ ոչ թէ իշխել` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ուրբաթ, 15 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած Վատիկանի քաղաքապետարանի ընդհանուր քարտուղար, 68 ամեայ,''Քրիստոսի Լեկիոններ'' անուամբ միաբանութեան անդամ, գերապայծառ Ֆէրնանտօ Վերկէզ Ալծակայի ` եպիսկոպոսական օծման արարողութեան ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց Եպիսկոպոսի առաքելութեան վրայ եւ Աստուծոյ հօտին ի սպաս ծառայութեան։ ''Եպիսկոպոսը ամէնուն Հայրն ու Եղբայրն է'' -ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց նորօծ եպիսկոպոսի գործունէութեան որպէս Կարտինալ Էտոարտօ Ֆրանսիսքօ Բիրոնիոյի քարտուղար։
Աւետարանը հռչակել ամենուրէք` ըլլայ բարեպատեհ կամ ոչ բարեպատեհ առիթներով, այպանել, յորդորել եւ խրատել, հեզաբարութեամբ եւ եւ հեղինակութեամբ - յարեց Սրբազան Հայրը։
Յայտնենք որ Գերապայծառ Վերկէզ ծնած է 1945-ի մարտ մէկին, քահանայ ձեռնադրուած է 26 նոյեմբեր 1969-ին եւ անցեալ 30 օգոստոս 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը զինք անուանած է` Վատիկանի քաղաքապետարանի ընդհանուր քարտուղար։
Վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ նորօծ եպիսկոպոսին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.